2011-07-28 12:56:33

Ոչ Եւս Է Գերապայծառ Բիեդրօ Սամբի` Առաքելական Դեսպանը Ուաշինկթընի Մօտ։


Չորեքշաբի երեկոյեան ԱՄՆ.ի՝Պելթիմօրի մէջ իր մահկանացուն կնքեց գերապայծառ Բիեդրօ Սամբի` առաքելական դեսպանը Ուաշինկթընի մօտ։ Հանգուցեալին առողջական վիճակը վերջին օրերուն վատթարացած էր թոքերու վիրաբուժումէն ետք։ Ան կը գտնուէր Ճոն Հոբքինս հիւանդանոցը։
Ողբացեալը ծնած էր Սոլեանոյի մէջ (Իտալիա) 27 յունիս 1938-ին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 14 մարտ 1964ին, մասնագէտ էր աստուածաբանութեան ու եկեղեցական կանոնագիտութեան մէջ։ Անոր դիւանագիտական առաջին սպասարկութիւնը եղաւ Գամերուն, ապա ղրկուեցաւ յաջորդաբար Երուսաղէմ, Գուպա, Ալճերիա, Նիքարակուա, Պելկիա եւ Հնդկաստան։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ձեռքով եպիսկոպոս օծուեցաւ։ Որպէս առաքելական դեսպան Իսրայէլի մօտ 2002ին գերապայծառ Սամբի ամէն ինչ ի գործ դրաւ ձերբազատելու Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարի շրջափակումը հրեայ զօրքէն։ Ծննդեան տաճարի համալիրին մէջ ապաստան գտած էին 40 կրօնաւորներ, հինգ իտալացի լրագրողներ եւ հայ մը, ինչպէս նաեւ 240 պաղիստենցի զինեալներ։ Այս առթիւ շնորհիւ Գերապայծառ Սամբիի միջամտութեան իսրայելեան զօրքերու շրջափակումը վերջ գտաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.